Ուրբաթ, 13. 09. 2024

spot_img

ՕՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ՝ Օր 1

*ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ*

toros-toranian

Յատուկ «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ին

Շաբաթ, 21 Յունիս 2014

   Քիչ առաջ, աղջիկս Անին ինծի համար կարդաց Հէմինկուէի ամենէն կարճ պատմուածքը բաղկացած վեց բառերով.-
«Կը վաճառուի երբեւէ չօգտագործուած զոյգ մը մանկական կօշիկ:
Պատմուածք, որուն համար մրցանակի արժանացած է Հէմինկուէյ:
Իմաստը պատմուածքին. Ուրեմն երեխան մահացած պէտք է ըլլայ եւ այն աստիճան թշուառ, որ երեխային զոյգ մը կօշիկը վաճառքի հանած են:
Երկսայրի սուր՝ մահ եւ թշուառութիւն:
Ցնցուած էի: Պահ մը արձանացած ըլլայի կարծէք մտասեւեռ վիճակ մը ստանալով:
-Ի՞նչ է հայրիկ, սառեցա՞ր, պատմուածքին իմաստին չկրցա՞ր թափանցել:
-Ոչ միայն թափանցեցի պատմուածքին իմաստին, այլ անմիջապէս զուգահեռ մը անցուցի զոյգի մը կորուստին ու թշուառութեան եւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած մեծ երկրաշարժին եւ հազարաւոր Հայ մանուկներու պատահած դժբախտութեան միջեւ: Քանի՞ հազար Հայ մանուկներ եղան գետնամոյն եւ անոնց կօշիկները վաճառքի իսկ չարժանացան: Ֆրանսական մամուլը գրեց. – Լենինականի ու Սպիտակի մէջ դագաղներու անտառ կար:
Քանի՞ որբ մնացած Հայ երեխաներ օտարներու կողմէ որդեգրուեցան բազմապատկելով մեր կորուստը … ո՞վ մրցանակ մը տուաւ այս ահաւոր պատմուածքին համար, որ այդքան ալ սակաւաթիւ բառերէ կազմուած չէ:
Ըսել կ’ուզեմ մեր ցաւը բազմապատիկ անգամ աւելի մեծ էր քան Հէմինկուէիի ցաւը, որ իր կարգին կսկծալի է որպէս իրողութիւն:

***

   Քեսապը ազատագրուած է: 250 Հայ ընտանիք վերադարձած են իրենց կորսնցուցած ու թալանուած տուները: Մէկը օգնե՞ց այդ ընչազուրկներուն, թէ ոչ բազում աղմուկ վասն ոչինչի՞ … Հայերու համար այս մեծ ոճիրը առաջինը չէ: Մաղթենք որ վերջինը ըլլայ:
Քեսապահայութեան օգնութեան հասնելու Հայ թէ օտար ձայներ լսուեցան: Հիմա, օգնելու ժամն է: Ամենէն առաջ Հայը պէտք է հասնի օգնութեան իր մանուկներուն, քոյրերուն ու եղբայրներուն, այլապէս ճիշդ դուրս կրնայ գալ անգլիական ասացուածքը.- Դուն քեզի օգնէ, որ Աստուած ալ քեզի օգնէ …
Ուրիշը այսօր, վաղը կրնայ օգնել, բայց դուն Հայ մարդ, պարտիս ընդմիշտ օգնել, քանզի ցաւը էն առաջ քուկդ է:
Քեսապ ներխուժող յելուզակները իրենց վարքն ու փարքը, վայրագութիւնը որպէս կնիք թափած էին հայկական տուներու եւ եկեղեցիներու վրայ տապառով եւ զէնքի բոլոր տեսակներով:
Յելուզակներ, Հայը ձեզ ճանչցած է 1500 տարիներէ ի վեր:
Այդքան ժամանակ չէք փոխուած, միտքը, մտածելու եւ գործելու եղանակը հագուստ չէ՛, զոր փոխել կարելի ըլլայ: Դուք նոյնն էք՝ փոխուած միայն հագուստով:

***

Մտորումներ.- Հալէպի մէջ ռումբի բեկոր մը վերջ տուած է կեանքին Հայաստանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութենէն շրջանաւարտ տղու մը, որ տիրացած էր կազմարարի արուեստին:
Ան տունէ-տուն պտտելով կ’առաջարկէր վերանորոգել քրքրած Հայ գիրքեր, որպէսզի երկարակեցութեան ենթարկուէր Հայ գիրքը :
Հիմա, ո՞վ պիտի շարունակէ հանգուցեալին գործը, երբ գիրքի կողոպտիչները Հայ գիրքը ոտնատակ ընելով, այրելով զբաղած են:
Գիրք մը կոխկրտել քաղաքակրթութիւնը կոխկրտել կը նշանակէ: Յելուզակը ի՛նչ կը հասկնայ երբ կ’երթայ կ’ուտէ փուշը:

***

Երէկ երբ Տէրեան կը կարդայի խորհեցայ բանաստեղծին հեռանալ, հեռանալ բայերը փոխարինել՝ վերանալ բայով: Ինք հեռացաւ բայց իր կեանքով վերանալ պատգամեց մեզի: Իրը հեռանալ մըն էր մարդոց պիղծ գործերէն նոր ուղղութիւն մը պատգամելու բոլորիս երբ գրեց ,- «Մի՛ խառնէք մեզ ձեր արջի ցեղերին» …

***

   Մոռնալ կարելի՞ է Զապէլ Եսայեանը, որ Պոլիսէն փութաց օգնել Ատանայի եւ շրջակայքի ջարդուած հայութեան եւ իր գրիչը թաթխելով հայու արեան ճապաղիքներուն մէջ գրեց իր անմոռանալի «Աւերակներու մէջ» գիրքը, ականատեսի վկայագիրը: Անոր համար արդեօք, որպէս յատուցում սեւ օր մը բերին մեծ գրագիտուհիի կեանքին, երբ զինք յանձնեցին ազերիներու «գթութեան» … եթէ ճիշդ չէ այս տեղեկութիւնը, խնդրեմ, ճշդեցէք, դուք որ արխիւներու սարեր ունիք ձեր ձեռքին տակ: Կ’ըսուի, ազերին սովահար առնէտներու յանձնեց մեր մեծագոյն գրագիտուհին …
Զապէլ Եսայեան, Հայ գրականութեան պայծառ քրմուհի, այդ պահուն, այդ զարհուրելի պահուն, ի՞նչ եղաւ արդեօք վերջին մտածումները … ի՞նչ եղաւ …

***

   Երեւանէն, որդիս էր խօսողը, տխուր լուրեր փոխանցեց ինծի.- Սուրիայէն Երեւան ապաստան գտած 15,000 հայերուն երկու երրորդը մեկնած են օտար երկիրներ:
Ինչպէ՞ս զսպեմ արցունքս …

***

   Պուրճ Համուտի մէջ, մայթի մը վրայ ծանօթ հայու մը հանդիպեցայ, որ կրկնեց.- Յոյսը հայուն վերջին ապաւէնն է, եթէ յոյսն ալ դաւաճանէ մեզի, ընելիք մը կը մնա՞յ մեզի …
Ի՞նչ  պատասխան տայի հայրենակիցիս, ըսի.- Հայրենակից, Յոյսը, Ժամանակը եւ Հայրենի Հողը եռեակ մըն են, ծնած նոյն օրը, նոյն մօրմէ: Ու եթէ մեռնիլ մը կայ եւ օրերէն օր մը ժամանակը մեռնի, անկէ ետքն է, որ Հայը պիտի մեռնի, մինչ այդ ապրելու յոյսը մեզի հետ է, մեր արեան շրջանարութեան մէջ …
Հայրենակիցս համաձայն գտնուեցաւ ըսածիս:
Մենք  յոյսով զինուած բաժնուեցանք իրարմէ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին