Տարուէ տարի Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայկական յուշարձաններու թիւը կը նուազի, եւ այժմ Հայաստանի ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամի գլխաւոր նպատակն է գոնէ պահպանուած յուշարձանները լուսանկարել եւ ալպոմներու եւ գիրքերու միջոցով արխիւացնել: Ըստ Armenpress.am-ի՝ Հայաստանի ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամի ղեկավար Սամուէլ Կարապետեան վերջերս վերադարձած է Արեւմտեան Հայաստանէն: Ասիկա ճանաչողական ճամբորդութիւն է` 14-րդը յուշարձանագէտի կեանքին մէջ: “Մասնագէտների խումբն հիմնականում ուսումնասիրել է Կարսը, Սարիղամիշը, եղել Հայոց ձորում, Շատախ, Նորդուզ գաւառներում: Կարսի եւ Սարիղամիշի շրջանում յատկապէս աչքի էին ընկնում վիմափոր կառոյցները”,- Օգոստոս 1-ին կայացած հանդիպման մը ընթացքին ըսած է Սամուէլ Կարապետեանը:
Յուշարձանագէտը պատմած է, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը շարունակէ առասպելներ հիւսեր հայերու ձգած գանձերուն մասին, որուն հետեւանքով տարուէ տարի կ’աւելնայ աւերուած եկեղեցիներու եւ հայկական գերեզմանատներու թիւը: Կարապետեան պատմած է, որ աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք այցելած են Ոչխարանաց գիւղ եւ ականատես եղած, թէ ինչպէս գիւղի բնակիչները կը քանդեն հայկական գերեզմանատունը: Բնակիչները պատմած են, որ ղեկավարութիւնը կը թուլատրէ քանդել բացառապէս հայկական հիմք եւ պատմութիւն ունեցող կառոյցները:
Բացի դաշտային աշխատանքներէն, այժմ հիմնադրամը կը նախապատրաստէ նոր գիրք, ուր պիտի ներառուին Մեծ Հայքի յուշարձանները ըստ գաւառներու: Գիրքի հրատարակումը Սամուէլ Կարապետեանը կը համարէ կարեւոր առաքելութիւն, որպէսզի գոնէ թուղթի վրայ պահպանուին այն յուշարձանները, որոնք հարեւան պետութիւններու պետական քաղաքականութեան իբրեւ արդիւնք մօտ ապագային հաւանական է չպահպանուին:
Մատենաշարի հրատարակութեան համար յուշարձանագէտը թակած է բազմաթիւ դռներ, սակայն մերժուած: «Հասկանալով , որ չպէտք է յապաղել գրքի հրատարակութեան հարցում, որոշեցինք` ցանկացողները կարող են բաժանորդագրուել. իւրաքանչիւր գրքի բաժանորդագրութիւնն արժէ 12.000 դրամ»,- ըսած է Կարապետեանը` աւելցնելով, որ իւրաքանչիւր հատորի հրատարակութեան համար անհրաժեշտ է 800 բաժանորդ: «Հայաստանի պատմութիւնը» մատենաշարը բաղկացած պիտի ըլլայ 35 հատորէ եւ իր տեսակով պիտի առանձնանայ մինչ այդ հրատարակուած նմանատիպ գիրքերէն: Առաջին հատորը, որ լոյս պիտի տեսնէ աշնան, պիտի պատմէ «Հայոց Ձոր» գաւառի աւելի քան հարիւր գիւղերու մասին:
www.armenpress.am