Այս երեկոյ՝ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսը ձեզի կը ներկայանայ իր 34րդ հատորով:
ՀՀՀանդէսը, իր կարգ մը տուեալներով, կը հանդիսանայ իւրայատուկ երեւոյթ մը Սփիւռքի յետ-եղեռնեան իրականութենէն ներս.
Ա- Նախ՝ ՀՀՀանդէսը ճամբայ ելաւ 1970ին, անապահով օրերուն մէջ ու իր 44 տարիներուն ընթացքին՝ ան ցուցաբերեց բացառի՛կ յարատեւութիւն, իր ընթերցողներուն հանդէպ ալ՝ տիպար հաւատարմութիւն:
Բ- ՀՀՀանդէսը իր առաջին օրերէն՝ Հայաստանը Սփիւռքին շաղկապող երեւոյթ մը դարձաւ ու կը շարունակէ նո՛յնը հանդիսանալ, առ այս՝ իր էջերուն մէջ ընկալելով հայագիտութեան նուիրուած հայաստանցի թէ սփիւռքահայ մարդոց ուսումնասիրութիւններուն հարուստ բերքահաւաքը:
Գ- ՀՀՀանդէսը, նման՝ արբունքը թեւակոխող մարդուն, ինք եւս տարուէ տարի աճեցաւ ու զարգացաւ »տարիքով ու իմաստութեամբ», ինչպէս Ս. Աւետարանը կ’ըսէ Յիսուսի մանկութեան մասին:
Դ- ՀՀՀանդէսը իր այս եւ կարգ մը այլ հանգամանքներուն համար՝ կերպով մը հայուն դիմագիծին մարմնացումն է. տոկուն, լուրջ ու իտէալապաշստ:
Ե- »Տոկուն, լուրջ ու իտէալապաշտ»:
Այս երեք բառերով՝ կ’ուզեմ բնորոշել ՀՀՀանդէսը խմբագրող ու հրատարակող նուիրեալ մարդոց աշխատանքը, Հայկազեան Համալսարանի հովանիին ներքեւ:
Այս տողերը կ’ուզեմ որ ըլլան ո՛չ թէ ինքնագովութիւն, այլ փառք տանք ա՛յն Արարիչին, որ սիրեց իր ստեղծած մարդիկը ո՛չ միայն օժտել բազմակողմանի ձիրքերով, այլ նաեւ օժանդակել անոնց բեղուն ջանքերուն:
Դուք որ այս երեկոյ խմբուած էք այս 34րդ հատորին շուրջ, դու՛ք ալ ձեր այս ոգեւորիչ ներկայութեամբ կերպով մը մաս կը կազմէք ՀՀՀանդէսի աշխատակիցներուն, հետեւաբար կ’օժանդակէք ՀՀՀանդէսին յաջողութեան:
Որուն համար՝ շնորհակալութիւ՛ն բոլորիդ…: