Կիրակի, 03. 11. 2024

spot_img

Հայկազեան Համալսարանի Նախագահ՝ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեանի Խօսքը Արտասանուած Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի ԼԴ. Հատորի Շնորհանդէսին

Սիրելիներ,ողջոյն:

Հայագիտութիւն՛ լուսաւորութեան սիրոյն, եւ հայագիտութիւն հայութեան սիրոյն: Զիրար ամբողջացնող մօտեցումներ: Այս երկու եզրերու համերաշխութեան ճամբով կը ջանանք գործել Հայկազեանի մէջ, դասարանի ու լսարանի, Հանդէսի ու մատենադարանի, գիտաժողովի ու հրատարակութեան, եւ աղբիւրներու հայանպաստ դասաւորումներու մէջ:

Լուսաւորութեան պակասը կրնայ ցցուն հարց ըլլալ մեր աշխարհին մէջ, եւ կրնայ կոչուիլ խաւար, բայց կայ նաեւ թերի լուսաւորութիւն, լուսաւորութեան անհաւասարակշիռ մեթոտ, լուսաւոր մարմնին մէջ կենսականի եւ երկրորդականի միջեւ շփոթ, կամ լուսաւորութեան օգտագործման կամ բարոյականութեան խնդիր:

Հայագիտութեան ոլորտին մէջ, թող մեր ջանքը ըլլայ մարդուն ապագան լուսաւորելը եւ ճշմարիտն ու արդարը, արժէքաւորն ու կենսականը բացայայտելը բոլորին առջեւ:

Իսկ Հայագիտութիւն հայութեան սիրոյն ըսելով, կը յուսամ որ պիտի հասկնանք հայը այնպէս պատրաստել ու զինել որ ինք մնայ հայագիտութեան առաջին տէրն ու բանուորը, առիւծը, մեղուն ու մրջիւնը: Հայագիտութիւն հայութեան սիրոյն թող նշանակէ նաեւ ապագայի ճանապարհ բանալ լեզուի գործածութեան ու զարգացման, մարդու ինքնագիտակից պատրաստութեան, գիրքի հրատարակման ու թարգմանութեան, եւ մանաւանդ կառուցողական մտքի ու հոգիի մշակման առջեւ:

Հայկազեան Համալսարանի տարեկան մէկ անզուգական խորհուրդն է Հանդէսի կանոնաւոր հրատարակումը: Կարծէք կը յիշեցնէ մեր տնօրէնութեանը թէ եթէ սփիւռքեան այս համալսարանական կառոյցը ունի մարմին, հապա ան ունի նաեւ հարազատ հայկական սիրտ ու միտք: Հանդէսը քիչերու գրասեղաններուն վրայ կրնայ գտնուիլ համալսարանէն ներս, բայց ամէն ոք գիտէ թէ հոն կայ ինքնութիւն եւ առաքելութիւն ներկայացնող բարձր արժէք:  Համալսարանի մարմնի, մտքի ու հոգիի նիւթը սակայն, այնքան բարդ է որքան Հայկազեանի ապագայի համապարփակ առաքելութեան նիւթը:

Շնորհակալական խօսք ունիմ այսօր ՀՀՀի գլխաւոր խմբագիր Ծայրագոյն վարդապետ Հայր Անդրանիկ Կռանեանին, Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանին, Դոկտ. Արտա Էքմէքճիին, Դոկտ. Արշալոյս Թօփալեանին եւ Դոկտ. Արմէն իւրնէշլեանին:

Այս տարի Հանդէսի 34րդ հատորի կողքին ունինք նաեւ կրտսեր հատորիկ մը, Հայ Տպագրութեան 500ամեակի մեր ձեռնարկներուն յիշատակարանը զոր կը յանձնենք հանրութեան: Շնորհակալութիւն նաեւ 500ամեակի յանձնախումբին:

Շնորհակալութիւն հայրենի գործակից եւ օրուան բանախօս, Նորավանք Գիտակրթական Հիմնադրամի Կեդրոնի տնօրէն Դոկտոր Արթուր Դումանեանին, եւ բարի գալուստ նաեւ նոյն Հիմնադրամի հոգաբարձական Խորհուրդի անդամ Մուշեղ Լալայեանի:

Առաջիկայ տարին կրնայ Հայկազեանի պատմութեան մէջ կրնայ ամէնէն հարուստը ըլլալ հայագիտական առումով: Հաւանական է որ մրցանիշ արձանագրենք հայագիտութեան ուսանողներու, հայագիտական գիտաժողովներու եւ հայագիտական հրատարակութիւններու թիւով եւ ինչու չէ նաեւ որակով, մանաւանդ միտք բերելով թէ կը նշենք Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը:

Վերջապէս յիշեցում մը մեզի:  Ինչ որ կը կատարուի, կը կատարուի որպէս համոզումի արդիւնք,  կը հիմնուի Հայկազեանի բարերար հոգիի վրայ: Բուն դրամագլուխը հոգին է, այս պարագային հայկական ու գիտական: Եւ այսօր տօնն է գրքերու ետին կեցող հոգիին, որուն Ստեղծիչին առջեւ ալ կը խոնարհինք եւ կը մնանք գոհունակ:

Պիտի չ’ըսեմ ապրի՛ հայ գիրքը, հապա պիտի ըսեմ թող Գիրքով ապրի հայը յաւիտեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին