Երբ շուրջ քսանամեակ մը առաջ երկրագունդը կը դրուէր նորագոյն արհեստագիտութեամբ վերաձեւաւորուած համաշխարհայնացման ալիքներուն վրայ, երբեք ալ չէինք պատկերացներ թէ ինչպիսի հիմնաշրջող հետեւանքներ պիտի ունենայ ան՝ մարդկութեան մակերեսային կենցաղին, թէ խորքային գործընթացներուն վրայ:
Յիրաւի, համաշխարհայնացման ովկիանոսային այդ ալիքները կլանեցին կլոպըլ վիլըճը, աննախադէպօրէն նուազեցուցին ամէն տեսակի մտային, աշխարհագրական, ժամանակային, հոգեւոր թէ քաղաքական սահմաններուն ազդեցութիւնը, եւ յառաջացուցին սոֆթ փաուըրի այնպիսի կարողականութիւններ, որոնցմով կարելի եղաւ մինչեւ իսկ ժողովուրդներու համար տարուան եղանակները փոխել, գարուն պարտադրել, եւ անապատային ամայութիւն ու ձմեռային անշնչութիւն յառաջացնել:
Յստակ է որ վերջին քսան տարիներուն, պատմութեան գիրկը թափուեցան նոր ժամանակներու թեքնոլոճիի շատ իրեր: Յստակ է նաեւ որ նոր հովերը փոթորկոտ հզօրութեամբ խախտեցին ու բռնաբարեցին մարդկային ամէն յարաբերութիւն, վերացական բայց ներգործօն սահմաններ պարտադրեցին մարդուն եւ նո՛յն այդ մարդուն միջեւ, անմիջական շօշափելիութիւն տուին երկրագունդի մէջ կատարուող մեծ ու փոքր իրադարաձութեանց, ըստ կամս վերատարազեցին համաչափութիւնները դէպքերուն, գունափոխեցին դերակատարները, եւայլն: Սակայն, ինծի կը թուի թէ գէթ՝ այսօրուան ըմբռնումովս, եղած հիմնափոխումներուն գերագոյնը ներկայ հողմամրրիկին յառաջացուցած բացառիկ շարժունակութիւնն է աշխարհին: Այդ շարժունակութիւնը կարելի չէ յարաշարժութիւն բառով սահմանել. անիկա միաժամանակ բազմակշռոյթ է, բազմուղի, բազմատարր եւ բազմաբնոյթ, բազմագոյն եւ բազմաձեւ, բազմանպատակ ու բազմահզօր, բազմափոփոխ եւ բազմաժամանակ:
Դժբախտաբար, ցարդ մարդ արարածը չկրցաւ պատշաճիլ այս լպրծուն բազմափոփոխութեան: Մարդկութիւնը ատենին պատշաճեր աշխարհի մնայուն շարժունութեան, այդ շարժմամբ յառաջացած եղանակներուն եւ այդ ընձեռումներուն լոյսին տակ ամառը ծով ու ձմեռը ձիւնի կ’ելլէինք՝ նուազագոյնն ըսելու համար: Մենք նոյնիսկ օրօրոցով արհեստական շարժում կը յառաջացնէինք եւ այդ շարժումին մէջ մտնելով հաճոյք կը ստանայինք:
Լաւատեսութեան գրաւականներ ունինք, սակայն: Որովհետեւ, այն ատեն երկրի շարժունակութեան վրայ մարդկութիւնը վերացականօրէն կշռութաւոր կայունութիւն յառաջացնելով յաջողեցաւ խարիսխներ գոյացնել եւ անոնց առնչուելով կանոնաւորել իր կեանքը: Մենք ալ՝ հայերս, այդ ընդհանուր անկայունութեան մէջ ամէնամեայ տօնակատարութիւններու, յուշահանդէսներու ձեւով թէ՝ տասնամեակներ կամ հարիւրամեակներ գոյատեւող հաստատութիւններ, հիմնարկներ, հայագաղութներ յառաջացնելով, հայրենիքի ու Հայաստանի, հայ ազգի, հայ մշակոյթի ու կրօնքի գաղափար սնուցանելով եւ յառաջացնելով յեներ, կառչեր, առնչուեր ու յղեր էինք անոնց եւ կայունացուցեր մեր կենցաղն ու առօրեան, սկսեր մարդկօրէն եւ հայօրէն կենսագործել:
Այսօր, դարձեալ կայունացնող յենակէտեր որոնել-յառաջացնելու, եղածները ամրակայելու, վերաճեցնելու ճիգին մէջ ենք:
Ու ինծի կը թուի, թէ ամէնակայուն խարիսխները մեզի համար կրնան ըլլալ գաղափարախօսական հիմնաւորումով ջրդեղուած հայկական կառոյցները, հիմնարկները, իրադարձութիւնները՝ ըլլան անոնք կուսակցութիւնները, եկեղեցին, միութիւնները, հայագաղութները, Ապրիլ 24, Թարգմանչաց, Վարդանանց թէ Հայաստանի անկախութեան գաղութային ձեռնարկները եւ այլեւայլ հազարաւոր դրուագներ:
Այլապէս, Սիրելի Վեր. Հայտոսթեան, յարգարժան հիւրեր եւ հարազատներ, շօշափական ինչի՛, կամ ինչերու՛ կարելի է կառչիլ՝ տագնապալի կացութիւններու այս ամիսներուն, երբ խուճապային տրամադրութիւններ յառաջացնելու թերեւս ճիգ մըն ալ կայ Միջին Արեւելքի մէջ:
Ինծի կը թուի, հայկական տիեզերքին մէջ, վերոյիշեալ հայկական ամէնամեայ իրադարձութիւնները կազմակերպողներուն, հայկական հաստատութիւններուն նախանձախնդիր անհատներուն, ազգայիններուն, պատասխանատուներուն, ղեկավարներուն, զինուորագրեալներուն եւ աշխարհազօրայիններուն պարտականութիւնն է վերոյիշեալ հայկական կռուանները, խարիսխները ամրակայելով վերաճեցնել, անոնց տալ հայկական քաղաքացիական գաղափարախօսական դերակատարութիւն:
Ես նաեւ ա՛յս ծիրին մէջ կը տեսնեմ արդէն անընդհատ, 24 տարիներէ իվեր, ամէնամեայ ժամադրութեամբ կայացող Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի շնորհանդէսները:
Գոհունակութեամբ կ’ուզեմ նաեւ շեշտել, թէ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի արդէն 44ամեայ երթը եւ արդիւնքը սկսած են առաւել տեսանելի եւ ազդեցիկ դառնալ, փաստ՝ անոր 24ամեայ (սխալ չհասկնանք՝ ոչ թէ անոր պատասխանատու խմբագիրին տարիքը 24 է, այլ անոր հոգիին ու ոգիին տարիքը հազիւ քսանամեայի մը կայտառութիւնը ունի) պատասխանատու խմբագիրին՝ հայր Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանին Մայիս 2014ին շնորհուած Հայաստանի Հանրապետութեան Մովսէս Խորենացի մետալը: Նման մետալով պարգեւատրուած է նաեւ Հանդէսի ամէնաերկարատեւ աշխատակիցը, Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանը: Իսկ Սփիւռքի Նախարարութեան Մայրենիի Դեսպան կոչումին արժանացած է Հանդէսի խմբագրակազմի անդամ Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեանը: Բոլորիս անունով կը շնորհաւորենք զիրենք՝ իրենց խրամատային երթի շարունակման սրտագին բարեմաղթանքներով:
Սիրելիներ, ինչպէս գիտէք, 2012ին հայկական տիեզերքը տօնեց հայ տպագրութեան հինգհարիւրամեակը: Հայկազեան Համալսարանը, այդ առթիւ յառաջացուց յանձնախումբ մը, որ կազմակերպեց իւրօրինակ եւ ինքնայատուկ հինգ ձեռնարկներ: Լիբանահայ մամուլի աշխատակիցներուն, 2011 եւ 2012ի լիբանահայ հեղինակներուն, լիբանահայ մամուլին, լիբանահայ տպագրութեան եւ լիբանահայ գիրքին նուիրուած այս ձեռնարկները իրենց տարողութեամբ, խորքով, հետեւողականութեամբ եւ համակարգուածութեամբ ուրիշ, սովորականէն ու պարագայականէն, օրացուցայինէն շա՜տ անդին գացող հանդիսաւորութիւն մը տուին հայ տպագրութեան 500ամեակին: Այդ ձեռնարկները, իրենց ամբողջական բովանդակութեամբ պատմութեան յանձնելու մտասեւեռումով, հպարտութեամբ եւ բացճակատ, զանոնք ամփոփեցինք հատորի մը մէջ զոր այսօր, շնորհանդէսի աւարտին կրնաք ունենալ բակը: Վարձքը կատար գրքոյկը կազմող Տիկ. Ռոզէթ Ալէմեանին, 500ամեակի յանձնախումբին, բոլոր անոնց որոնք ուղղակի եւ անուղղակիօրէն աջակցեցան այդ ձեռնակներու շարքին իրագործումին:
Շնորհակալութիւն: