Հայկական Համայնքներու Բաժինը ուրախութեամբ կը յայտարարէ Անի Կարմիրեանի նշանակումը Ծրագիրներու աւագ վարիչի պաշտօնին: Ան պիտի ստանձնէ արեւմտահայերէնի տարածման պաշտօնը, որ Բաժնիս համար առաջնակարգ խնդիր է, ինչպէս նշուած էր վերջերս հանրութեան ներկայացուած Հնգամեայ Ծրագրին մէջ ալ։
Տիկին Կարմիրեան պիտի զբաղի կրթաթոշակներու եւ Սփիւռքի դպրոցներուն տրամադրելի նպաստներու, դաստիարակներու պատրաստութեան ծրագրի, ինչպէս նաեւ արեւմտահայերէնին նոր շունչ տալու կոչուած այլ ծրագիրներու վարչարարութեամբ։
Ան Սեպտեմբեր 1-ին պիտի միանայ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան անձնակազմին, ինչ որ Հիմնարկութեան թոյլ պիտի տայ օգտուիլ իր բազմամեայ փորձառութենէն՝ բազմալեզու կրթութեան բնագաւառէն ներս, ինչպէս նաեւ իր մանկավարժական նորարար մօտեցումներէն։
Տիկին Կարմիրեան հեղինակ է բազմաթիւ յօդուածներու, նուիրուած՝ կրթութեան ընդմէջէն լեզուներու պահպանութեան հարցին, ինչպէս՝ արեւմտահայերէնի, ոլորտ մը որմէ ներս ան փնտռուած դասախօս է։
“Մեզի համար առաւելութիւն մըն է Տիկին Կարմիրեանի ընդգրկումը մեր անձնակազմին մէջ”,- կ՚ըսէ Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժնի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան՝ աւելցնելով. “Անոր գերազանց իմացութիւնները եւ արհեստավարժական փորձառութիւնը զայն զատորոշեցին՝ սքանչելի որակաւորումներու տէր բոյլ մը թեկնածուներու մէջ։ Անկասկած, ան պիտի հանդիսանայ Բաժնիս յաջողութեան կարեւոր ազդակ մը, հայ լեզուն եւ մշակոյթը ամուր կերպով պահպանելու գործին մէջ օգնելով ուսանողներու, դաստիարակներու, դպրոցներու եւ այլ կազմակերպութիւններու”։
Իսկ Հայկական Համայնքներու Բաժնի ընդհանուր վարիչ Մարթէն Եսայեան այս առթիւ կը նշէ. “Այս նշանակումը կարեւոր հանգրուան մը կը հանդիսանայ Բաժնիս առաքելութեան մէջ, որ հայ ժողովուրդի լեզուին եւ մշակոյթին պաշտպանութեան եւ արժեւորման համար պատշաճ պայմաններ ստեղծելն է”։