Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 7-ՐԴ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿՈՒՄԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՀՀ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Յուլիս 17-ին ՀԲԸՄ Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան 7-րդ սկաուտական բանակումի 125 սկաուտ եւ ճամբարի պատասխանատուներ ՀԵ ընկերակցութեան վարիչ-տնօրէն Գէորգ Սանթուրեանի գլխաւորութեամբ այցելեցին ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն եւ հանդիպում ունեցան նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ:

7-րդ սկաուտական բանակումը, որուն կը մասնակցին 125 երիտասարդ Լիբանանէն, Սուրիայէն, Վրաստանէն, Պուլկարիայէն, ԱՄԷ-էն, մեկնարկած է յուլիս 14-ին եւ կը տեւէ մինչեւ օգոստոս 4:

Առաջին սկաուտական բանակում-ճամբարը 2007թ ՀԲԸՄ նախագահ Պերճ Սեդրակեանը նախաձեռնեց Հայաստանի մէջ` Միութեան Կեդրոնական վարչական ժողովի աջակցութեամբ:

Անցած 6 տարիներուն ընթացքին «Անդրանիկ» սկաուտական բանակումներուն մասնակցած են շուրջ 2000 սկաուտներ` աշխարհի շարք մը երկիրներէ (Հայաստան, Արցախ, ԱՄՆ, Արժանթին, Ուրուկուէյ, Վրաստան, Լիբանան, Սուրիա, Իրաք, Իրան):

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ողջունեց ճամբարի մասնակից պատանիներուն եւ աղջիկներուն եւ նշեց. «Ուրախ եմ, որ այս տարի որոշել էք անցկացնել ՀԲԸՄ ՀԵԸ սկաուտական ճամբարում : Իրականացել է ձեզանից շատերի` Հայրենիք այցելելու երազանքը : Հայաստանը վերջին տարիներին դարձել է սկաուտական շարժման կեդրոն»: Նախարարը կոչ ըրաւ սկաուտներուն, հաւատարիմ մնալով իրենց կարգախօսին` սիրել հայրենիքը, ազգը, կրօնը, Հայաստանի մէջ խօսիլ միայն հայերէն եւ, վերադառնալով բնակութեան երկիրներ, պահպանել, զարգացնել ու տարածել մայրենին :

ՀԵ ընկերակցութեան վարիչ-տնօրէն Գէորգ Սանթուրեան նշեց, որ իրենց անդամները ամէն տարի կը մասնակցին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Իմ Հայաստան» փառատօնին, «Արի տուն» ծրագիրին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարութեան կառոյցին հետ սերտ համագործակցութեան համար :

Հանդիպման ընթացքին սկաուտները դիտեցին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան գործունէութեան մասին պատմող տեսաֆիլմ :

Սկաուտները շնորհակալութիւն յայտնեցին նախարարութեան հիւրընկալութեան եւ ջերմ ընդունելութեան համար, պատմեցին Հայրենիքի մէջ ստացած տպաւորութիւններուն մասին, մեծ ոգեւորութեամբ ներկայացուցին իրենց գործունէութիւնը :

Սկաուտական ամենամեայ հաւաքները աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող հայորդիներուն հնարաւորութիւն կ’ընձեռեն այցելելու Հայրենիք, ծանօթանալու  իրարու հետ: Բանակումներուն ընթացքին կը կազմակերպուին նաեւ արշաւներ, դասախօսութիւններ, հանդիպումներ եւ այլ ձեռնարկներ:

ՀԲԸՄ Հայ երիտասարդաց ընկերակցութիւնը հիմնադրուած է 1931թ Լիբանան, կ’իրականացնէ մարզական, մշակութային, սկաուտական եւ այլ ծրագիրներ: Այն գրասենեակներ ունի Լիբանանի, Սուրիոյ, Յորդանանի, Արժանթինի, ԱՄՆ-ի, Քանատայի, Կիպրոսի մէջ եւ այլուր :

www.hayernaysor.am

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին