Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Հայկական Տոլման Մէկ Անգամ եւս Միաւորեց Ազգային Խոհանոցի Սիրահարները

Հայաստանի խոհարարական աւանդոյթները տոլմայի տեսքով ներկայացուեցան Սարդարապատի մէջ: Չորրորդ տարին անընդմէջ իրականացուող «Ուտուլի» տոլմայի փառատօնը այս տարի եւս անտարբեր չէր ձգած ազգային խոհանոցի սիրահարները: Անոնք հնարաւորութիւն ունէին փորձելու տոլմայի աւելի քան 70 տեսակ, որոնք կը տարբերէին իրենց բաղադրութեամբ, համ ու հոտով: Տոլմայի գուրմաններու կողքին իր համտեսը կ’իրականացնէր նաեւ ժիւրին, որուն վիճակուած էր որոշելու այս տարուան լաւագոյն համը, տեսքը եւ մտահղացումը: Այս մասին կը հաղորդէ Artmenpress.am-ը:

Ժիւրիի կազմին մէջ էին «Ջաւախք» հայրենակցական միութեան նախագահ Շիրակ Թորոսեանը, ՀՀ վաստակաւոր արտիստուհի Լէյլա Սարիբէկեանը, ՀՀ ժողովրդական արտիստ Արսէն Գրիգորեանը, երգահան, ազատամարտիկ Դաւիթ Ամալեանը, «Արարատ 73»-ի ֆութպոլիստ վեթերան Արկադի Անդրէասեանը եւ այլք:

«Այս փառատօնով մենք ցոյց ենք տալիս , որ այս ուտեստի տէրն ենք: Պէտք է նշեմ մի հանգամանք եւս, ընտրուած բանջարեղէնները, համեմունքները հայկական լեռնաշխարհի են, որոնց օգտագործումը նոյնպէս գնահատելի է: Շնորհակալութիւն եմ յայտնում կազմակերպիչներին, որովհետեւ իսկապէս մեծ գործ է պահպանել ազգային աւանդոյթները եւ զարգացնել դրանք»,- յայտնեց Լէյլա Սարիբէկեանը:

«Ջաւախք» հայրենակցական միութեան նախագահ Շիրակ Թորոսեան, իր հերթին նշեց, որ հայկական տոլման պէտք է գովազդել, որովհետեւ այսօր այնպիսի իրավիճակի մէջ յայտնուած ենք, երբ տարածաշրջանին մէջ կը փորձեն խլել նոյնիսկ ազգային խոհանոցի ուտեստները: Երեք անուանակարգերէն եւ գլխաւոր մրցանակէն բացի տեղի կ’ունենար «ամենաերկար տոլմա»-ի պատրաստման մրցոյթը: Նախորդ փառատօնին պատրաստուած էր  7 մեթր 8 սմ երկարութեամբ տոլմայ եւ նոր ցուցանիշ սահմանուած: Այս տարի մրցոյթին հետեւելու եկած էր «Դիւցազնագիրք»-ի խմբագրակազմը, սակայն մասնակիցները չյաջողեցան գերազանցել նախորդ տարուան ցուցանիշը` արձանագրելով ընդամէնը 3 մեթր 82 սմ արդիւնք:

Ամփոփելով տոլմայի 4-րդ փառատօնը` «Հայ խոհարարական աւանդոյթների զարգացում եւ պահպանում» ՀԿ նախագահ Սեդրակ Մամուլեան փաստեց, որ ազգային խոհանոցի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը տարուէ տարի կը մեծնայ, որուն մասին կը վկայեն մասնակիցներու եւ հիւրերու աշխոյժութիւնը: «Սա ուտել-խմելու միջոցառում չէ, այլ մշակութային փառատօն, որի իմաստն է ներկայացնել ազգային խոհանոցը: Բոլորս հաւաքուել ենք եւ փորձում ենք այնպէս անել, որպէսզի մեր հասարակութեան մէջ պահպանուի ազգայինը, որը դարերով մեզ է փոխանցուել: Մենք ունենք մեր առաջ դրած յստակ նպատակ` նպաստել ազգային կերակրատեսակի` տոլմայի տարածմանը, նոր տարատեսակների պատրաստմանը եւ աւանդականի պահպանմանը»,- յայտնեց Մամուլեանը:

Փառատօնը այս տարի կը կրէր «Տոլման Հայկական լեռնաշխարհում» խորագիրը: Անոր կը մասնակցէին ինչպէս ճաշարաններու անձնակազմեր, այնպէս ալ հասարակական կազմակերպութիւններ եւ մշակութային միութիւններ: Փառատօնը կ’ուղեկցուէր ազգային երգ ու պարով, որ կը ներկայացնէին նոյնինքն Արմաւիրի մարզի կատարողներն ու պարողները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին