Թուրքիոյ պաշտօնական պատմութեան համաձայն՝ Անգարայի Չանգայա շրջանը գտնուող Թուրքիոյ նախագահական ապարանքը, որ Աթաթիւրքի ժամանակաշրջանէն ի վեր կը գործածուի իբրեւ նախագահութեան բնակավայր, ծախու առնուած է սեփականատէր Պուլկուրճուզատէ ընտանիքէն։ Մինչդեռ իրականութիւնը այդպէս չէ։ Չանգայայի ապարանքը նախապէս կը պատկանէր ո՛չ թէ Պուլկուրճուզատէ ընտանիքին, այլ անգարացի Գասապեան ընտանիքին։ Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ «Մարմարա»-ն:
Համացանցի «Պիյանեթ» կայքին վրայ Շեհմուս Տիքենի ստորագրութեամբ հրատարակուած է այս մասին թղթակցութիւն մը, ուր Չանգայան կը ներկայացուի որպէս «ապարանք մը, որուն ծանրութիւնը դժուար է կրել»։
«Պաշտօնական պատմութիւնը որքա՛ն ալ պնդէ, թէ Պուլկուրճուզատէ ընտանիքը այս շէնքը իր կարասիներուն հետ միասին գնած է Գասապեան ընտանիքէն, ասիկա ճիշդ չէ՝ ըստ Գասապեան ընտանիքի այսօրուան ժառանգորդներէն Եդուարդ Չուխաճըի։ Եդուարդ Չուխաճը կը պատմէ, որ Չանգայայի շէնքը Գասապեաններուն կողմէ ոեւէ մէկուն ծախուած չէ, այլ շէնքը պարզապէս բռնագրաւուած է 1915ի տեղահանութենէն ետք», կը գրէ Տիքեն։
Ան կը «վերանորոգէ» պատմութիւնը՝ նշելով, որ 1919ի կիսուն, Մուսթաֆա Քեմալ, երբ Անգարա կու գայ, նախ իբր բնակավայր ու աշխատավայր կը գործածէ Հողագործական վարժարանը, ապա՝ շոգեկառքի կայարանի նախագահի ապարանքը։ Բայց աւելի ուշ, թէ՛ ինք, թէ՛ զինք շրջապատողները կը մտածեն, որ այս շէնքերը բաւարար չեն «փաշային»։ Ուստի կը սկսին փնտռելու նոր վայր մը։ Աթաթիւրք կը հաւնի պարտէզներով շրջապատուած այս շէնքը եւ Թեֆիք Պուլկուրճուզատէէն ծախու կ՛առնէ՝ վճարելով Անգարայի ծանօթ ընտանիքներէն հաւաքուած 4500 լիրա գումար մը։
Տիքեն կ՛ըսէ, որ ապարանքը իրականութեան մէջ կը պատկանէր Անգարայի հայերէն՝ 1857ի ծնունդ Յովհաննէս Գասապեանին։ Այս անձը, մինչեւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, կը զբաղէր «Անկորա» կոչուած Անգարայի նշանաւոր այծի բուրդը Անգլիա արտածելով։ 1915ի Օգոստոսին, 1200 անգարացի հայեր, չորսական խումբերու ձեւով իրարու կապուած, կը տեղահանուին, կը տարուին Անգարայէն դուրս ու հոն կը սպաննուին։ Այլ 1500 անգարացի հայեր, Օգոստոս 29ին յատուկ կարաւանով մը աքսորի կը ղրկուին դէպի Հալէպ։ Այս 1500 հոգիէն հազիւ 34ը կը յաջողի հասնիլ մինչեւ Սուրիոյ հիւսիսարեւմտեան կողմը, Եփրատի ափերը, Մեզքենէ կոչուած ճամբարը։ Ասոնցմէ միայն Գասապեան ընտանիքի անդամներն են, որոնք իրենց փեսաներէն մէկուն կողմէ՝ Գոնիայի ճամբուն վրայ կ՛առնուին կարաւանէն, կը փախցուին եւ արտասահման կը ղրկուին։
Պաշտօնական պատմութիւնը կը պնդէ, որ Գասապեան ընտանիքը Գասապեան ապարանքը կարասիներով միասին Պուլկուրճուզատէներուն վաճառած է։ Մինչդեռ ներկայիս Օթթաուա բնակող Եդուարդ Չուխաճը կը պատմէ, թէ Գասապեան ընտանիքը ոչի՛նչ ծախած է։ Ամէն ինչ բռնագրաւուած է ընտանիքէն։ Տակաւին, Քեչիէօրենի մէջ դաշտային բնակարան մը եւս բռնագրաւուած է անկէ եւ Գոչ ընտանիքի սեփականութիւնը դարձած է։
Տիքեն, որ յայտնապէս քիւրտ է, կ՛ըսէ, որ ներկայիս երեք անձեր հրապարակ իջած են՝ որպէս հանրապետութեան նախագահի ընտրութեանց թեկնածու։ «Մէկը մերինն է )Տեմիրթաշի կ՛ակնարկէ), իսկ միւս երկուքը՝ դիմացի կողմէն են։ Յայտնի է, որ մերինը շահելու հաւանականութիւն չունի, բայց՝ ըսելիք խօսք ունի, գլուխ ունի։ Ուստի, իրմէ կը սպասենք, որ բացայայտէ Չանգայայի կապուած այս իրողութիւնը, որովհետեւ Սալահետտին Տեմիրթաշն ալ գիտէ, որ Չանգայայի բարձունքի զառիվերի վերջակէտին վրայ գտնուող հանրապետութեան նախագահական նստավայրը բեռ մըն է, որուն ծանրութիւնը դժուար է կրել», կ՛եզրակացնէ ան։