Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ՏԻԿԻՆ ՍՐԲՈՒՀԻԻՆ «ՓՈՔՐԻԿ ԱԳԱՐԱԿ»Ը

*ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ*

toros-toranian

Մեր մօտ, վերջին տարիներուն, ի՜նչ լաւ է որ ուշադրութիւն կը դարձուի մանկապատանեկան հրատարակութիւններու:

Ահա այս գծով գրքոյկ մը հրատարակած է Հաճիյակոբեան Սրբուհին ուր գունատիպ հրատարակութեամբ մը մեր նորագոյն մանուկներուն ու պատանիներուն ներկայացուցած է ընտանի կենդանիներու աշխարհէն 13 ներկայացուցիչ:

Հաճելի է դիտել այս նկարաշարժը, որուն 32 էջերուն վրայ 13 ընտանի կենդանիներ կը ներկայացուին:

Լաւ է, որ գրքոյկը գազանանոց մը չէ, ուր կրնան վայրենի կենդանիներ ներկայացուլ վախազդեցիկ կերպարանքով, մանուկներուն մօտ հոգեկան ցնցում յառաջացնելով: Ու այս գրքոյկին առաւելութիւնն է:

Այս հաճելի հրատարակութիւնը իր լոյս ընծայումով կ’իմանանք, որ կը պարտի «ԱՐԶՕ» Մանկապատանեկան Մատենաշարի Ֆոնտին:

Սրբուհի Հաճիյակոբեան գրքոյկին կողքին վրայ համեստօրէն արձանագրած է, որ այս գործը համադրում մըն է:

Ուրեմն անոր ընտրած ընտանի կենդանիները կը ներկայացուին ագարակի մը մէջ: Ուստի մանուկն ու երեխան պիտի իմանան, ոչ միայն ագարակ բառը, այլ նաեւ գաղափար մը պիտի կազմեն թէ ագարակը ի՞նչ կը ներկայացնէ:

Ներկայացուած ագարակին գոյները հաճելի են ու կապոյտ, կանանչ, անշուշտ հաճելի կարմիր մըն ալ աքաղաղի բբուկին:

Ագարակին տնակը ներկայացուած է կարմիր կղմինտրածածկ տանիքով, մերթ ալ կապոյտ: Արածուող կենդանիները խոտածածկ բլուրնեու վրան են:

Մանուկները պիտի սիրեն այս էջերուն վրայ ներկայացուող ընտանի կենդանիները: Պիտի ուզեն գրկել, շոյել ոչխարը անոր առատ բուրդով: Հոս չարաճճի այծը վախազդու չէ, կովը նոյնպէս, բայց կենդանական այս աշխարհը ներկայացնող նկարիչը կրնար իրական կով մը ներկայացնել ոչ թէ կապոյտ գոյնով, այլ բաց կարմիր գոյնով ինչպէս կ’ըլլայ այս խոտաճարակը առ հասարակ:

Խոզը Ճիշտ է ներկայացուած, իսկ ձին՝ երբեք ձիու նման չէ: Գրքոյկը համադրողը կարեւոր տեղեկութիւններ հրամցուցած է մեր մանուկներուն եւ պատանիներուն, օրինակ,- « Ձիերու բազմազան՝ աւելի քան 300 տեսակ ցեղեր կան: Շատ յարգի են Արաբական նժոյգները»: Սրբուհի Հաճիյակոբեանը կրնար ըսել թէ շատ յարգի եղած են նաեւ Հայկական նժոյգները, չէ՞ որ այդ մասին գրուած է հայոց պատմութեան մէջ:

Յետոյ, հեղինակուհին կը գրէ,- «Աշխարհի վրայ կան մօտ 1000 տեսակ ոչխարներ: Ամենաշատ ոչխար բուծանող երկիրները Աւստրալիան, Նոր Զելանտան, Հարաւային Ամերիկեան երկիրները, եւ Բրիտանիան են»: Մինչդեռ երեխային համար աւելի ճիշտ պիտի ըլլար նաեւ ըսել թէ ոչխարաբուծութեամբ հարուստ եղած են Սուրիան եւ Հայաստանը:

Գրքոյկը հայ երեխային համար է: Հայութեամբ պէտք է լեցնել զինք: Ամերիկաները յետոյ կրնայ սորվիլ, նոյնիսկ Նոր Զելանտան:

 Գրքոյկը կազմողը կուտայ լաւ տեղեկութիւններ թէ այս կենդանիները քանի՜ տարի կապրին, որ մէկը գանի ստամոքս ունի, քանի ակռայ, որ մէկը խոտակեր է, որ մէկը մսակեր, ո՞ր մէկէն կը ստանանք կաթ, մածուն, պանիր, կարագ: Որքան օգտակար են այդ կենդանիները մեզի համար: Որ կովերը 6 ժամ կ’ուտեն եւ 8 ժամ կ’որոճան, որ խոզը ունի 44 ակռայ: Որ «տարուան ընթացքին էգ խոզը երկու անգամ ծնունդ կու տայ: 114 օրեր տեւող յղութենէ ետք կ’ունենայ 7-էն 12 ձագ ու խոզին ձագերը շատ արագ կը գիրնան»:

Հապա արագավազ նապաստ՞ակը: « Անոնք կ’ապրին խումբով: Անոնք տարին երկու անգամ 20-էն 40 հատ ձագուկներ կը ծննդաբերեն, կ’ապրին տասը տարի»:

Մէկ խօսքով երեխան այս գրքոյկով աշխարհ մը գիտելիք կ՛ամբարէ: Իշուկը թէեւ յամառ բայց օգտակար կենդանի է ու «կ’ապրի շուրջ 25 տարի»:

Ահա չարուկ բայց սիրելի կատուն: Այս ընտանի կենդանիներուն հանած ձայներն ալ տուած է համադրողը. կատուն կը մլաւէ, խոզը կը խրխնչայ, շուները կը հաչեն եւ հաւատարիմ են:

«Աքլորը առաւօտեան կը կանչէ կուկուլիկու: Հաւը 21 օր թուխսի կը նստի հաւկիթներուն վրայ որոնցմէ ճուտիկներ դուրս կու գան: Հաւը տարին կրնայ ածել 200-էն 220 հաւկիթ»:

«Հնդկահաւերը հացահատիկ եւ փոքր միջատներ կ’ուտեն»:

Հապա սագե՞րը, «որոնք կրնան ապրիլ 25 տարի, ու բադերը որոնք մեր բարձերուն համար փետուրներ կու տան:»

Երանի նկարներուն հենինակը այս թռչնազգիները լողալ տար լճակի մը մէջ:

Այս գրքոյկը հարստացած է բառագիտութեան ցանկով մը:

Սրբուհի Հաճիյակոբեան, Պէյրութի մէջ, աւելի քան քառասուն տարի ծառայած է հայ դպրոցին, մայրութիւն ըրած է հայրիւրաւոր հայ մանուկներու, եւ ահա այդքան տարիներ ծառայելէ ետք հայ մանուկներու, հանգստեան կոչուելէ ետք անգամ մնացած է անբաժան հայ մանուկներէն եւ անոնց համար պատրաստած է այս երփնագեղ եւ օգտակար ու հաճելի գրքոյկը:

Մայրերը, այսպէս, միշտ անբաժան կը մնան երեխաներէն:

Մայրերը մայր հողին կը նմանին, միշտ նուիրեալ, միշտ բերքառատ, մինչեւ անգամ խոր ծերութեան հասակին մէջ:

Մայրերը միայն մէ՛կ խնդրանք կ’ունենան՝ շնորհակալ ըլլալ իրենց: Շա՞տ է:

Ուրեմն՝ շնորհակալութիւն բազում մանուկներու , պատանիներու մայր՝ Սրբուհի Հաճիյակոբեանին, մեր երեխաներուն նման ագարակ մը մատուցելուն համար իր ընտանի կենդանիներով այնքան պէսպիսուն :

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին